2016-05-10 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը Թաուատրոս Բ-ին` Ղպտի-Կաթողիկէ բարեկամութեան օրուան առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ղպտի-Կաթողիկէ բարեկամութեան օրուան առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նամակ մը գրած է Ղպտիներու Պատրիարք Թաուատրոս Բ-ին որուն մէջ վերյիշած է 10 Մայիս 2013-ին Վատիկանի մէջ իրենց միջեւ տեղի ունեցած առաջին հանդիպումը, Պատրիարքին մաղթելով խաղաղութիւն եւ առողջութիւն եւ արտայայտելով իր ուրախութիւնը` Սուրբ Պետրոսի Աթոռը Սուրբ Մարկոսի Աթոռին միացնող հոգեւոր խոր կապերուն համար։ 

Նամակին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկած է հաշտութեան եւ բարեկամութեան երկար ճանապարհին, որ դարեր ամբողջ լռութենէ ետք, իրականացած է երկխօսութեան եւ համագործակցութեան մէջ միասնաբար հռչակելու Աւետարանը եւ ծառայելու մարդկութեան։  Այս կարելի է, գրած է Ֆրանչիսկոս Պապ, շնորհիւ մեր Հօրմէ ընդունած միեւնոյն ''առաքելութեան'', մեր մկրտութեան օրը, որով դարձանք անդամ Քրիստոսի Մարմինին որ է Եկեղեցին։

Թող Սուրբ Հոգին մեզ միշտ աւելիով միացնէ քրիստոնէական սիրոյ մէջ եւ ուղղէ մեր միասնական ուխտագնացութիւնը ճշմարտութեան եւ եղբայրսիրութեան մէջ­, դէպի լիակատար միութիւն, գրած է միշտ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Պատրիարքին յայտնելով իր խոր գնահատանքը հիւրընկալած ըլլալուն համար Կաթողիկէ եւ Արեւելեան Օրթոտոքս Եկեղեցիներու միջազգային խառն յանձնախումբի 13-րդ հաւաքը, որ տեղի կ՛ունենայ Գահիրէի մէջ։

''Թէեւ տակաւին ուղեւորութեան մէջ ենք դէպի այն օրը երբ միասին պիտի բաժնեկցինք սուրբ հաղորդութեան միեւնոյն սեղանը, այսօր կարող ենք տեսանելի դարձնել մեր այս հաղորդութիւնը։ Ղպտիներն ու կաթողիկէները կարող են միասին վկայել կարեւոր արժէքներ, ինչպէս` սրբութիւնը եւ կեանքի արժանապատուութիւնը, ամուսնութեան եւ ընտանեկան կեանքի սրբութիւնը, Աստուծմէ մեզի յանձնուած արարչութեան յարգանքը'' գրած է միշտ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ նամակին աւարտին վստահեցուցած է իր աղօթքները Եգիպտոսի ու Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ հասարակութիւններուն համար որոնք կ՛ապրին ողբերգական իրավիճակ մը։

Տեղեակ եմ Միջին Արեւելքի ծանր ու մտահոգիչ կացութեան մասին, յատկապէս Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ, ուր մեր քրիստոնեայ  եղբայրներն ու քոյրերը, ինչպէս նաեւ այլ կրօնական հասարակութիւններ, ստիպուած են դիմագրաւել առօրեայ դժուարութիւններ։ Թող Հայր Աստուած անոնց պարգեւէ խաղաղութիւն եւ մխիթարանք ու ներշնչէ միջազգային ընտանիքը` իմաստութեամբ եւ արդար կերպով համապատասխանելու այս աննախադէպ բռնութիւններուն, գրած է Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը եւ նամակը եզրափակած է սոյն նախադասութեամբ. ''Այս օրուայ առթիւ որ դարձաւ Ղպտիներու եւ Կաթողիկէներու միջեւ բարեկամութեան օր, ձեզ կ՛ողջագուրեմ եղբայրական հոգիով եւ Յարուցեալ Քրիստոսի խաղաղութեամբ''։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.